2017-02-25 10:11:00

Քառասնորդաց շրջանի Ռաֆայել Սաքօ Պատրիարքի պատգամը`հրաւէր խաղաղութեան


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝Խաղաղութեան նուիրուած տարուան ծիրէն ներս, Գաղտէացի եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն ու դուստրերը  կը հրաւիրեմ քառասնորդաց պահքի շրջանի իրենց  աղօթքները նուիրելու Իրաքի ու անոր բնակչութեան,  որպէսզի երկրին  մէջ վերահաստատուի արդար եւ  երկարատեւ խաղաղութիւն՝՝։ Այսպէս գրած է  Գաղդէացիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Ռաֆայել Սաքօ քառասնորդաց շրջանի առթիւ հրապարակած իր պատգամին մէջ , որուն մէջ Ան յոյս կը յայտնէ, որ երկրին մէջ վերահաստատուի  համերաշխութեան հոգին եւ  բարի քաղաքացիի համակեցութիւն։

Նշենք, թէ անցեալ հոկտեմբեր ամսոյն Էրպիլի մէջ կայացած համամիութենական աղօթքի ընթացքին Պատրիարք Սաքօ 2017 տարին հռչակած էր խաղաղութեան տարին՝ հրաւիրելով իրաքի բոլոր քրիստոնեայ հասարակութիւնները միասնաբար նշելու զայն։

Պատգամին մէջ Պատրիարքը հուսկ՝ յատուկ հրաւէր կ՛ուղղէ եպիսկոպոսներուն քահանաներուն, նախաձեռնելու ծրագիրներ, կազմակերպելու  հասարակաց աղօթքի պահեր,  խաչի ճանապարհի բարեպաշտական արարողութիւն,  ինչպէս նաեւ գիտաժողովներ, նիւթ ունենալով ''խաղաղութեան կերտումը  եւ  համակեցութեան արժանիքները''։ Պատրիարք Սաքօ ապա՝ հրաւէր ուղղած է  Ծաղկազարդի կիրակի օրուան առթիւ կազմակերպելու խաղաղութեան քայլարշաւ՝ մահմետականներու հետ միասին։  Խաղաղութեան այս քայլարշաւը  սկիզբ պիտի առնէ էրպիլ քաղաքէն եւ վերջ պիտի գտնէ Նինուէ  քաղաքի Ալքոչ շրջանին մէջ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.